2014-04-20 12:19:47

''Քրիստոս Յարեաւ, Եկէք եւ տեսէք''` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Սուրբ Զատկուայ պատգամը։


Կիրակի 20 ապրիլի կէսօրին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան տօնին առթիւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի տարածքին մատուցած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն, Հռոմ քաղաքին ու աշխարհին ուղղեց իր '' Urbi et Orbi'' պատգամը։
''Քրիստոս Յարեաւ, Եկէք եւ տեսէք''
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ։ Համայն Եկեղեցւոյ մէջ կը հնչէ հրեշտակին կիներուն` փոխանցած աւետիսը ''Մի վախնաք, գիտեմ որ Յիսուսը կը փնտռէք, խաչեցեալը. հոս չէ, յարութի՛ւն առաւ....
Եկէ՛ք տեսէք տեղը ուր դրուած էր:» (Մատթ 28, 5-6)։
Դուք մի վախնաք, Տէրը Յարութիւն առաւ։
Այս է Աւետարանի գագաթնակէտը, գերագոյն Բարի Լուրը` Յիսուս, խաչեցեալը, Յարեաւ։ Այս իրադարձութիւնը մեր հաւատքին ու մեր Յոյսին հիմն է։ Եթէ Քրիստոս Յարութիւն առած չըլլար, Քրիստոնէութիւնը իր արժէքը կը կորսնցնէր. Համայն Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը իր ուժականութիւնը կը կորսնցնէր, որովհետեւ այնտեղէն մեկնած է ու այնտեղէն կը շարունակէ մեկնիլ։ Քրիստոնեաներուն աշխարհին բերած պատգամը հետեւեալն է` Յիսուս` մարմնացած Սէրը, մեռաւ խաչին վրայ մեր մեղքերուն համար, բայց Հայր Աստուած Յարութիւն տուաւ Անոր ու զայն դասեց Տէր` կեանքի եւ մահուան ։
Յիսուսին մէջ Սէրը յաղթեց ատելութեան, ողորմութիւնը` մեղքին, բարին` չարին, ճշմարտութիւնը` ստախօսութեան կեանքը` մահուան։
Ասոր համար մենք բոլորին կ՛ըսենք` ''Եկէք եւ տեսէք''։ Մարդկային որեւէ կացութեան մէջ, որ յատկանշուած է դիւրաբեկութենէն, մեղքէն եւ մահէն, Բարի Աւետիսը պարզ բառ մը չէ այլ հաւատտարիմ եւ վեհանձն սիրոյ վկայութիւն մըն է մենք մեզմէ դուրս ելլել է ընդառաջ երթաելու ուրիշին կեանքէն վիրաւորուածին մօտիկ գտնուիլն է կարօտեալին հետ բաժնեկցութիւնն է հիւանդին, տարեցին կամ անտեսուածին մօտը կենալն է ։
''Եկէք եւ տեսէք''։ Սէրը աւելի հզօր է, Սէրը կեանք կը պարգեւէ, Սէրը անապատներու մէջ յոյս կը ծաղկեցնէ։ Մեր սրտին մէջ այս ուրախ վստահութեամբ, քեզի կը դիմենք այսօր, Յարուցեալ Տէր.
Օգնէ մեզի քեզ փնտռելու որպէսզի կարենանք ամէնքս քեզի հանդիպիլ, գիտակից ըլլալ թէ Հայր մը ունինք եւ թէ որբ չենք։ Թէ կրնանք քեզ սիրել ու պաշտել։
Օգնէ մեզի յաղթահարելու անօթութեան պատուհասը որ աւելիով ծանրացած է, հակամարտութիւններուն եւ մսխումներուն պաճռաւ որուն մեղսակից ենք ։
Մեզ կարող դարձուր անպաշտպանները պաշտպանելու, յատկապէս մանուկները, կինրեն ու տարեցներուն որ շատ անգամ լքումի եւ չարաշահութեան կ՛ենթարկուին։
Ըրէ որ կարենանք խնամել, Կինէայի Քոնաքրի, Սիերրա Լէոնի եւ Լիպերիոյ մէջ ''Էպոլայի'' համաճարակէն, տառապող մեր եղբայրները, ու բոլոր անոնք այլ հիւանդութիւններէ կը տառապին որոնք հետեւանքն են անհոգութեան ու ծայրայեղ աղաքատութեան։
Մխիթարէ անոնք որ չեն կրնար Սուրբ Զատիկը տօնել իրենց սիրելիներուն հետ, որովհետեւ անարդարօրէն զրկուած են իրենց սիրելիներու մօտիկութենէն, ինչպէս, աշխարհական կամ կղերական անհատները, որ աշխարհի զանազան վայրերու մէջ առեւանգուած են։
Մխիթարէ անոնք որ ստիպուած եղած են թողուլ իրենց հողերը ու գաղթել այլ վայրեր աւելի լաւ ապագայի մը յոյսով, ապրլելու արժանավայել կեաք մը եւ ազատօրէն դաւանիլ սեփական հաւատքը։
Քեզի կ՛աղօթենք, Յիսուս փառաւորեալ, դադրեցուր պատերազմները, բոլոր ռազմական գործողութիւնները` մեծ կամ փոքր, հին կամ ժամանակակից։
Կ՛աղաչենք յատուկօրէն, Սուրիոյ համար, որպէսզի հակամարտութեան պատճառաւ տառապողները կարենան մարդկայնական օժանդակութիւններ ստանալ ու հակամարտող կողմերը մահ սերմանող ուժ չի գործածեն անմեղ ժողովուրդին դէմ.
Այլ քաջութիւն ունենան բանակցելու` երկար ժամանակէ սպասուած խաղաղութեան համար։
Փառաւորեալ Յիսուս` քեզմէ կը խնդրենք որ մխիթարես Իրագի եղբայրասպան բռնութիւններու զոհերը եւ աջակցիս Իսրայել – Պաղեստին բանակցութիւննեու վերարարծարծումի յոյսին ։
Կը պաղատինք որ կեդրոնական Ափրիկէի մէջ վերջ գտնեն բախումները ու դադրին Նիճերիոյ ու Հարաւային Սուտանի մի քանի շրջաններուն մէջ ահաբեկչական գործողութիւնները. Քեզմէ կը խնդրենք որ Վենեզուելլայի մէջ հաշտութիւնը ու եղբայրական համակեցութիւնը հաստատուի։
Քու Յարութեանդ առթիւ, որ այս տարի կը տօնախմբենք Յուլիասնոսի օրացոյցին հետեւոյ Եկեղեցիներուն հետ միասին կը հայցենք որ լուսաւորես եւ ներշնչես Ուքրանիոյ խաղաղութեան ի սպաս ձեռնարկները որպէսզի բոլոր կողմերը, միջազգային հասարակութեան օժանդակութեամբ, ձգտին կանխարգիլելու բռնութիւնները եւ միութեան ու երկխօսութեան քայլերով կերտեն երկրին ապագան, որպէսզի անոնք որպէս եղբայրներ այսօր կարենան բացագանչել` ''Քրիստոս Անէսթի – Քրիստոս Յարեաւ''։
Երկրի բոլոր ժողովուրդներուն համար քեզի կ՛աղօթենք Տէր, դուն որ յաղթեցիր մահուան, տուր մեզի կեանքդ, տուր մեզի խաղաղութիւնդ։
Քրիստոս Յարեաւ` եկէք եւ տեսէք։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ։








All the contents on this site are copyrighted ©.